2011-11-03 12:53:09

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց չորրորդ – ՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (շարունակութիւն 5)
Հարցում թիւ 12. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ինչ բանը իսկապէս հաւատքի մաս կը կազմէ։
Իսկական հաւատքը կը գտնենք Սուրբ Գրքի մէջ ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կատարած կենդանի աւանդումին մէջ։
Նոր Կտակարանը ծնած է Եկեղեցւոյ հաւատքէն. Սուրբ Գիրք եւ Աւանդութիւն կապուած են իրարու։ Հաւատքի փոխանցումը չի յենուր առաջնակարգ կերպով միայն գրուածքներու վրայ։ Եկեղեցւոյ առաջին շրջաններուն` կ՛ըսուէր թէ Սուրբ Գիրքը, նախ քան գրուած ըլլալը մագաղաթի վրայ, Եկեղեցւոյ սրտին մէջ գրուած էր։ Աշակերտները եւ Առաքեալները փորձառութիւնն ունեցան նոր կեանքի մը, շնորհիւ իրենց հասարակական կեանքին Յիսուսի հետ։ Այս հասարակութիւնը, որ որոշ տարբեր ձեւով վերակենդանացաւ Քրիստոսի յարութենէն ետք, բացուեցաւ բոլոր մարդոց` նորակազմ Եկեղեցւոյ կողմէ (Գործք. 2, 42)։ Անոնք իրար միացած էին, բայց նաեւ տեղ տուին ուրիշներու։ Մինչեւ մեր օրերս, հաւատքը նոյն ձեւով կը գործէ. Քրիստոնեաները կը հրաւիրեն ուրիշ անձեր ապրելու հասարակական կեանքը Աստուծոյ հետ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ` այս միութիւնը պահպանուած է առանց խեղաթիւրուելու, առաքելական շրջանէն ի վեր։
Հարցում թիւ 13. Հաւատքի վերաբերեալ հարցերու մէջ, Եկեղեցին կրնա՞յ սխալիլ։
Հաւատքի վերաբերեալ հարցերու մէջ` հաւատացեալներու ամբողջութինը չի կրնար սխալիլ, որովհետեւ Յիսուս իր աշակերտներուն խոստացաւ թէ իրենց պիտի ղրկէր ճշմարտութեան Հոգին, որպէսզի պահէ զիրենք ճշմարտութեան մէջ (Յովհ. 14,17)։
Ինչպէս որ աշակերտները հաւատացին Յիսուսի խօսքերուն իրենց բոլոր սրտով, նոյնպէս ալ քրիստոնեան կրնայ ունենալ ամբողջական վստահութիւն Եկեղեցւոյ վրայ, երբ կը փնտռէ կեանքի ուղին։ Որովհետեւ Յիսուս­Քրիստոս ինքնին պատգամեց իր Առաքեալներուն` ուսուցանել. Եկեղեցին ունի վարդապետական իշխանութիւն, որը չի կրնար լռել։ Անշուշտ Եկեղեցւոյ անդամներէն անհատներ կարող են սխալիլ եւ նոյնիսկ ծանր յանցանքներ գործել, սակայն նկատի առած Եկեղեցւոյ ամբողջութիւնը, ան չի կրնար երբեք սխալիլ եւ աստուածային ճշմարտութենէն դուրս գալ։ Դարերու ընդմէջէն` Եկեղեցին յառաջ կը տանի կենդանի ճշմարտութիւն մը որ ինքիրմէ աւելի բարձր է. Կը խօսուի հաւատոյ աւանդին մասին, զոր պարտի պահել ու պահպանել։ Երբ այս ճշմարտութիւնը բացէ ի բաց ուրացուած է ու այլափոխուած, Եկեղեցին կը հրաւիրուի վերստին փայլ տալու ՙայն բոլոր ճշմարտութիւններուն որոնք ամենուրեք, միշտ եւ բոլորին կողմէ հաւատքի առարկայ եղած ենՙ (կ՛ըսէ Սուրբ Վէնսան տը Լէրէնս +450)։
Հարցում թիւ 14. Սուրբ Գիրքը Ճշմարի՞տ է արդեօք։
ՙՍուրբ Գրքերը կը սորվեցնեն հաստատ կերպով, հաւատարմօրէն եւ անսխալականօրէն ճշմարտութիւնը, որովհետեւ անոնք ներշնչուած են, ինչ որ կը նշանակէ թէ գրուած են Սուրբ Հոգւոյ ներշնչումին ներքեւ եւ ուրեմն զԱստուած ունին որպէս հեղինակ (Վատիկան Բ., Աստուծոյ Խօսքը)։
Աստուածաշունչը երկինքէն ինկած գիրք մը չէ եւ Աստուծոյ կողմէ թելադրուած մեքենական գրողներու (Ռոպոթներու)։ Ըբդհակառակը` ՙԱստուած ընտրեց մարդիկ որոնց դիմեց` յարգելով իրենց բոլոր յատկութիւններն ու առաւելութիւնները, որպէսզի, իր ներշնչանքով` անոնք գրի առնէին, որպէս իսկական հեղինակներ, այն ինչ որ Տէրը կը փափաքէր եւ միայն այդՙ (Վատիկան Բ., Աստուծոյ Խօսքը)։ Որպէսզի այս կամ այն հատուածը ճանչցուէր որպէս Սուրբ Գրութիւն, հարկ էր նակտի ունենալ նաեւ այս հատուածներու ընդունումը Եկեղեցւոյ հասարակութեան մէջ. Պէտք է անոնց նկատմամբ համաձայնութիւն մը գոյացած ըլլար քրիստոնէական հասարակութիւններու մէջ, որով անոնք կ՛ընդունէին թէ Աստուած ինքնին իրենց կը խօսէր այս գրութիւններուն ընդմէջէն։ Նախնական Եկեղեցւոյ մէջ գրի առնուած շատ մը գրութիւններու ընդմէջէն, անոնք որ իսկապէս Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած են` չորրորդ դարուն հաստատուեցան որպէս Կանոն Սուրբ Գրոց։








All the contents on this site are copyrighted ©.